2014-02-19 12:34:55

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչը Ուքրանիոյ համար` '' թող դադրին բռնութիւնները'' ։


Չորեքշաբթի, 19 փետրուարի առաւօտեան հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի տես Ուքրանիոյ մէջ կայացած խռովութիւններուն յատուկ կոչ մը ուղղեց բռնութիւններու դադրեցումին եւ հաշտութեան փնտռտուքի ի նպաստ։
խռոված սրտով կը հետեւիմ Քիեւի մէջ տեղի ունեցած անցուդարձերուն – ըսաւ Քահանայապետը։ Ուքրանիոյ ժողովուրդին կը յայտնեմ իմ մօտիկութիւնս եւ կ՛աղօթեմ բռնութիւններու բոլոր զոհերուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր վիրաւորեալներուն համար։ Բոլոր կողմերը կը հրաւիրեմ կասեցնելու բռնութեան որեւէ արարք ու ձգտելու երկրի համերաշխութեան եւ անոր խաղաղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.